2009-07-06 12:58:14

Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Կարտինալ Սոտանօ` որպէս Սրբազան Քահանայապետին յատուկ Նուիրակ՝ կը գլխաւորէ Լիթուանիոյ քրիստոնէացումի հազարամեակի հանդիսութիւնները Վիլնիուսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։


Կարտինալ Սոտանօ` որպէս Սրբազան Քահանայապետին յատուկ Նուիրակ՝ կը գլխաւորէ Լիթուանիոյ քրիստոնէացումի հազարամեակի հանդիսութիւնները Վիլնիուսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Կարտինալ Անժելօ Սոտանօ` գահերէցը կարտինալական դասին, ներկայիս Լիթուանիա կը գտնուի որպէս քահանայապետական նուիրակ, գլխաւորելու՝ վերոյիշեալ պետութեան քրիստոնէացումին հազարամեակի հանդիսութիւնները։ Քրիստոնէութեան մուտքը տեղի ունեցաւ տասը դար առաջ, Ս. Պրունոյի քարոզութեան միջոցաւ։ Նորին Սրբութիւնը նշանակումի իր նամակին մէջ կը գրէ թէ՝ ՜՜տօնակատարութիւնը բարեպատեհ առիթ մըն է վերարծարծելու քրիստոնէական հաւատքն ու ժողովրդային բարեպաշտութիւնը՝՝։ Լիթուանիոյ քրիստոնէացումի հազարամեակին առթիւ Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ Տիրոջ ու Տիրամօր պաշտպանութիւնը Լիթուան ազգին, Ս. Պրունոյի հովանաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.